Thursday, 15 January 2015

Պայմանք տղայոց ընտրութեան


Արեւելք գտնուող քարոզիչներուն գրեց որ ընտանոք փոքրահասակ  տղաքներ ղրկեն ի Վենետիկորոնք ըլլան ազնիւևքաղցրաբարոյհոգեսէրքբարեպաշտ ընտանեաց զաւակներ,սրամիտքընթերցասէրք և ընդունակ ուսմանց:
Խստիւ պատուիրէր որ լաւ ընտրութիւն ընենքննեն անոնցկազմուածը՝ որ տկար և հիւանդոտ չըլլանփորձեն զանոնք,բացատրեն թե ինչ է կրօնաւորութիւնըդժուարութիւններ  դնենառջեւնինորպէս զի աւելի եւս յայտնի ըլլայ անոնց կոչումունենալը կամ ոչԿը գրէր որ չընդունին ծնողաց մէկ հատիկզաւակներըբայց միայն եթէ ուխտած ըլլան Աստուծոյ նուիրելուզանոնք:
 Տարիքի մասին՝ ամենէն փոքր 12-ամեայ և ամենէն մեծ 16-ամեայ տղաքը կընդունէր: Դարձեալ տղայոց ընդունելութեան արգելքներ էին արտաքին պակասութիւնք, ինչպէս չափազանց հասակի կարճութիւնը, շիլ և շատ խաղացող աչքերը, և այլն, չէր ընդունէր նաեւ ձառագէմները, և ուրիշ որևէ արատաւորները, վասն զի արտաքինը յաճախ ներքնոյն հայելին է, կըսէր. «Ազնիւ իւղերը հասարակ անոթներու մէջ չէն պահուիր. Մինչդեռ դիմաց չափակցութիւնը և արտաքին բարեձեւութիւնը շատ անգամ հոգւոյն գեղեցկութեան նշաններ են»: Միւս կողմանէ կընտրէր աւելի աղքտներուն քան հարուստերուն զաւակները. «Եթե երկու տղաք ըլլան, կը գրէր, մին աղքատ և ազնիւ, իսկ միւսը՝ հարուստ և պակասաւոր, պետք է առաջինը ընտրէք՝ քան վերջինը: Նայեցէք որ աղքատներուն որդիքը ընտրէք և ղրկէք, միայն թէ սրամիտ և հեզաբարոյ ըլլան, ընդհանրապէս աղքատները խոնարհ և հլու կըլլան, մինչդեռ հարուստերուն զաւակները բարձրամիտ և համարձակ կըլլան»: